2014-05-27 08:16:34

Միութեան, խաղաղութեան եւ հանդիպումի ուխտաւոր` Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Վատիկան։


Երկուշաբթի, 26 Մայիսի երեկոյեան, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, 24 – 26 Մայիս, Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութիւնը, վերյիշելու Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի եւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք` Աթենակորայի միջեւ, 50 տարիներ առաջ տեղի ունեցած պատմական ողջագուրումը որ նոր հանգրուան մը բացած էր եկեղեցիներու համամիութեան ուղիով։
Հոգեգալստեան վայր` Վերնատան մէջ, Երուսաղէմի Կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ մատուցելէ ետք Սուրբ Հոգւոյն նուիրուած Սուրբ եւ անմահ պատարագը, Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Թել Ավիւի ''Պէն Կուրիոն'' օդակայան ուր հրաժեշտի արարողութենէն ետք բարձրացաւ սաւառնակ որ ժամը 20,15-ին (տեղական ժամով) թռիչք առաւ ուղղուելով դէպի Հռոմ։
Այսպէսով վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապի երկրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։ Խիտ յայտագիրով երեք օր տեւող ուխտագնացութիւն մը, որուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ Սուրբ Թաղման տաճարին մէջ, կիրակի 26 մայիսի երեկոյեան, տեղի ունեցած համամիութենական աղօթքի աննախընթաց հանդիպումը, Բարթողոմէոս Ա-ի եւ քրիստոնեայ այլ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Արարողութիւն մը որ դրոշմուեցաւ որպէս իւրայատուկ եւ արձանագրուեցաւ պատմութեան էջերուն մէջ։ Առաջին անգամն ըլլալով, զանազան յարանուանութիւններու պատկանող հոգեւորականներ համախմբուեցան Յիսուսի Յարութեան վայրին մէջ, միասին աղօթելու ու հայցելու միութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան շնորհքը։
Երեք օր, երեք Պետութիւն` Յորդանանը,Պաղեստինը եւ Իսրայելը, միաստուածեան կրօններու համար յատկանշական վայրեր, երեք երկիրներու նախագահներու եւ իշխանութիւններու հետ հանդիպումներ ու կոչ խաղաղ եւ համերաշխ համակեցութեան, պատերազմներու դադրեցումին, գաղթականներու տուն վերադարձին, մանուկներու, անկարներու ու կեանքի պաշտպանութեան ի նպաստ ու նաեւ հրաւէր` երկխօսութեան, համակեցութեան, միութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրութեան եւ հանդիպումին։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապի երեք օրուայ ընթացքին արտասանած ճառերուն գլխաւոր նիւթերը։
Ան Սուրբ Երկիր մեկնեցաւ որպէս խաղաղութեան եւ միութեան ուխատւոր, իր հետ տանելով համերաշխութեան պատգամը որ իր մարմնացումը գտաւ Պաղեստինի եւ Իսրայելի նախագահներու ուղղած իր հրաւէրին մէջ ''Վատիկանի մէջ հանդիպելու եւ միասին աղօթելու խաղաղութեան համար''։
Սրբազան Քահանայապետը Վատիկան կը վերադառնայ այն համոզումով թէ քրիստոնեաներու միջեւ համամիութիւնը պատմական նոր քայլ մը արձանագրեց դէպի միութիւն եւ Իսրայել - Պաղեստին բանակցութիւնները խաղաղութեան նոր էջի մը կարելիութեան առջեւ կը գտնուին։ Միութեան, խաղաղութեան եւ հանդիպումի ուխտաւոր` Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Վատիկան, նոր յոյս ներշնչելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։
Բոլորս – ըսաւ Քահանայապետը իր արտասանած զանազան ճառերուն մէջ, խօսքը ուղղելով իսլամներուն, հրեաներուն եւ քրիստոնեաներուն, նոյն Հօր Աստուծոյ զաւակներն ենք, եւ ասոր համար եղբայրներ ենք։ Գործենք միասին աշխարհի մէջ կերտելու խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ միութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.